«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանը բողոքած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Աբխազիոյ մէջ նախագահական ընտրութեան կայացման համար, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է քննադատելու այս ընտրութիւնը:
Նամակը, որ ստորագրած է ՄԱԿ-ի մէջ Վրաստանի դեսպան Քախա Իմնածէն, հրապարակուած է միջազգային կազմակերպութեան կայքին վրայ:
«Աբխազիոյ մէջ ընտրութիւնը ոչ յարգալից եւ արհամարհական վերաբերմունք կ՛արտայայտէ միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքներուն, որոնց շարքին` գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքներուն նկատմամբ», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:
Վրաստան միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` քննադատելու «այսպէս կոչուած նախագահական ընտրութիւնը»:


