Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am կ՛անդրադառնայ Ալիանսա խումբին (Փերու) հետ հանդէս եկող Մաուրօ Գեւգէօզեանի` նշելով, թէ ան ինչո՞ւ իր մասնակցութիւնը չբերաւ նախորդ 3 սեպտեմբերին Լաթվիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Նախորդ օգոստոսին յայտարարուեցաւ, որ ան պիտի չմասնակցի Լաթվիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, բայց եւ այնպէս ան քիչ մը ուշ պիտի ժամանէ Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակըն` մասնակցելու համար Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին, նոյնինքն Դանիոյ դէմ:
Սակայն այժմ ի յայտ եկած է, որ ան ոչ միայն այդ մրցումին պիտի չմասնակցի, այլ երբեք հանդէս պիտի չգայ Հայաստանի ազգային խումբին հետ:
Իր լուրը քաղելով Ուրուկուէյի հայկական համայնքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Մաուրօ Գեւգէօզեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն պահանջած է ունենալ բարձր կարգի օդանաւի տոմս մը եւ օգտուիլ «Ամերիքըն Էրլայնզ»-ի էքսքլուզիվ կարգի տոմսակէն, որուն արժէքը 12-էն 15 հազար ամերիկեան տոլար է, որովհետեւ Փերուէն Դանիա հասնելու համար կը պահանջուի 23 ժամ:
Նշենք, որ ան այս նոյն պահանջը ներկայացուցած էր 2013-ին, երբ Հարաւային Ամերիկայէն մեկնած էր Ֆրանսա` Լիւքսամպուրկի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն առաջ:
Գեւգէօզեան Հայաստանի հաւաքականին հետ իր նորամուտը նշեց 26 մայիս 2014-ին, երբ մասնակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք այս մրցումին Հայաստանէն բացակայ պիտի ըլլան նաեւ Արազ Օզպիլիս, Եուրա Մովսիսեան, Արտակ Եդիգարեան, Վալերի Ալեքսանեան եւ շատ հաւանաբար Ռոպերթ Արզումանեան (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով):


