Հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան 16 սեպտեմբերին պաշտօնապէս իր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ յատուկ արարողութեամբ` Մոհամետ Էմին մզկիթին մէջ:
Այս առիթով հրաւէրներ կ՛ուղղուին պաշտօնական հիւրերու: Այս ծիրին մէջ երէկ շէյխ Մարուան Քըսըք յատուկ հրաւէր յանձնեց տիւրզիներու հոգեւոր պետ Նայիմ Հասանին` համայնքի Վերտանի նստավայրին մէջ:


