
Ռուսական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 13:00-ին արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ զինադադար պիտի յայտարարէ:
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, Փորոշենքօ այդ ժամանակ ուքրանական կառավարական ուժերուն համար զինադադարի հրաման պիտի տայ: Կ՛ակնկալուի, որ այսօր Մինսքի մէջ Ուքրանիոյ հարցով կապի խմբակի հանդիպումին ընթացքին խաղաղութեան փուլային ծրագիր ստորագրուի:
Այս լուրը կը հաղորդուի արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներու նորանոր յաղթանակներուն մասին լուրերու եւ Կալեսի մէջ սկսած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին լոյսին տակ:
«Ռաշա Թուտէյ» նոյն հարցով կը յստակացնէ, որ Փորոշենքօ այս յայտարարութիւնը կատարած է ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին, ուր Ուքրանիոյ հարցը գլխաւոր օրակարգերէն է, եւ որ հրամանը պիտի տրուի, եթէ Մինսքի հանդիպումը արդիւնաւէտ ըլլայ: Այդ պարագային ան խոստացած է «հրաման տալ սպայակոյտին» եւ յոյս յայտնած է, որ զինադադարի իրականացումը տեղի ունենայ:
«Lenta.ru» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը ողջունած է Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերը` այդ ձեւով պատասխանելով Տոնպասի մէջ իրավիճակի կարգաւորման շուրջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջարկներուն վերաբերող հարցումին:
Ռասմուսեն դարձեալ պնդած է, որ ռուս զինուորներ կը մասնակցին Ուքրանիոյ տագնապին: «Մենք գործ ունինք անվտանգութեան մարզին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ կրած իրավիճակի հետ», ընդգծած է ան:
Փութին 3 սեպտեմբերին հրապարակած է արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախագիծը, որ 7 կէտերէ կը բաղկանայ: Անոնց շարքին է կողմերուն միջեւ գերիներու փոխանակումը, զինադադարի դրութեան հաստատումը եւ մարդասիրական միջանցքներու բացումը:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ «Սի. Էն. Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացառեց իր երկրին եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական տագնապը: Ան ըսաւ, որ Ռուսիա «կը շարունակէ նախկինին նման ձեռնարկել շատ վտանգաւոր քայլերու, որոնք կ՛առաջնորդեն Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան յաւելման, եւ այդ քայլերը Ռուսիոյ համար հետեւանքներ պիտի ունենան»:


