Vz.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռումանիոյ պաշտպանութեան հարցերու բարձրագոյն խորհուրդը հաւանութիւն յայտնած է երկրի տարածքին ՕԹԱՆ-ի մարտական օդանաւերու ներկայութեան:
ՕԹԱՆ-ի մարտական օդանաւերուն սպասարկման համար Ռումանիոյ մէջ պիտի գտնուին շուրջ 200 զինուորներ: «Այդ օդանաւերը ռումանական օդանաւերու հետ միացեալ օդային ոստիկանութեան աշխատանք պիտի ապահովեն», ըսած է Ռումանիոյ նախագահ Թրայան Պեսեքու:
Նախագահը նաեւ ըսած է, որ Ռումանիա պիտի ստանձնէ Ուքրանիոյ դէմ համացանցային յարձակումները ետ մղելու ՕԹԱՆ-ի ծրագիրին ղեկավարումը:
Նախապէս ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարած էր, որ դաշինքը կը ծրագրէ ռազմակայաններ բանալ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ:


