Ռուսիոյ մէջ Քենիոյ դեսպանը երէկ «Ռոսսելխոզնատզոր»-ի փոխղեկավարին հետ քննարկած է քենիական միրգերու, բանջարեղէնի եւ ծաղիկներու Ռուսիա արտածման ընդլայնման կարելիութիւնը: Յառաջիկային Մոսկուա փորձագէտներու խումբ մը պիտի ժամանէ նաեւ Իրանէն` Ռուսիա արտածուող սննդամթերքը տեսակաւորելու համար:
Բացի ատկէ, Կուաթեմալայի անասնապահական ծառայութիւնը մտադիր է 15-18 սեպտեմբերին «Ռոսսելխոզնատզոր»-ին առաջարկել ցանկը ընկերութիւններու, որոնք կը փափաքին ծովու խեցգետին, խեցգետին եւ տաւարի միս արտածել Ռուսիա:
Յիշեցնենք, որ 8 օգոստոսին «Ռոսսելխոզնատզոր»-ը բանակցութիւններ վարած էր Չինաստանի, Թուրքիոյ, Սերպիոյ, Եգիպտոսի, Մաւրիթոսի, Էքուատորի, Չիլիի, Քոլոմպիոյ, Կուաթեմալայի, Մարոքի եւ Արժանթինի հետ` Ռուսիա միսի, կաթի, բանջարեղէնի, միրգերու, ձուկի եւ ծովամթերքներու ներածման ընդլայնման հարցով:


