Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիք-Սփիւռք Համաժողովին Պիտի Քննարկուին Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Եւ Սուրիահայութեան Հարցերը

September 5, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

76838018-21 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայրենիք-սփիւռք համահայկական հինգերորդ համաժողովը: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի խնդրանքով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց համաժողովի կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Ըստ նախարարին, արդէն սփիւռքի 600-է աւելի կառոյցներու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը եւ այդ հոլովոյթը կը շարունակուի: «Գիտէք, որ այդ համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր համահայկական կառոյցներու ղեկավարները, պիտի մասնակցին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Կաթողիկէ պատրիարքը եւ միւս բոլոր առաջնորդները: Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ եւ անոր բացումը պիտի կատարէ հանրապետութեան վարչապետը», ըսաւ Յակոբեան:

Ըստ նախարարին, համաժողովը տեղի պիտի ունենայ երկու մասով` լիագումար եւ ըստ ուղղութիւններու նիստեր: Համաժողովի աշխատանքները պիտի իրականացուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ նիւթով, երկրորդ նիւթը պիտի առնչուի սուրիահայերուն եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու ապահովութեան հիմնախնդիրներուն, երրորդ հարցը պիտի առնչուի լեզուի պաշտպանութեան եւ մամուլին, չորրորդ հարցը` հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ձեւերու կատարելագործման: Համաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու 7-րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին սփիւռքէն 120 խմբագիրներ եւ հայաստանեան մամուլի ներկայացուցիչներ:

Համաժողովի մասնակիցները պիտի ընդունուին հանրապետութեան վարչապետին կողմէ, այնուհետեւ անոնք պիտի այցելեն Ազգային ժողով: Անոնք մեծ ցանկութիւն յայտնած են հանդիպելու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին: Միաժամանակ, 21 սեպտեմբերին սփիւռքահայերը պիտի  մասնակցին Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած հանրապետութեան նախագահի ընդունելութեան:

Հրանուշ Յակոբեան զեկուցեց, որ վարչապետին յանձնարարութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները համապատասխան, նախարարութիւններու եւ կառոյցներու հետ յաջողութեամբ կ՛իրականացուին:

Նախորդը

Նալբանդեան Ընդունեց Արժանթինի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Յաջորդը

Նշմար. Նուաստարար Հնգամեայ Բաժակը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.