Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի. Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Այս Շաբաթ` Քարտիֆի Մէջ

September 4, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0903_Serj-Sargsyan-Aliev«Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահական պալատին մօտիկ իր աղբիւրները յայտնած են, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան համաձայն գտնուած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում ունենալ այս շաբաթ` Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին:

Օրաթերթին աղբիւրները կը փոխանցեն, որ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի: Օրաթերթը կը գրէ, որ 8 օգոստոսին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կազմակերպած հանդիպումէն ետք Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր է Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպում կազմակերպել հոլովոյթէն մեկուսացուածի վիճակին մէջ չյայտնուելու համար: Եւ որովհետեւ տակաւին վերջնականապէս յայտնի չէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Քարտիֆ մեկնումը, Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպումը կասկածի տակ է:

«Հայկական Ժամանակ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ալիեւ նախնական համաձայնութիւն տուած է: Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում կազմակերպելու նախաձեռնութիւն ցուցաբերած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ` ամիսներ առաջ շրջան իր կատարած այցելութեան ընթացքին:

Նախագահական Աղբիւրներ Ո՛չ Հերքեցին,
Ո՛չ Հաստատեցին Սարգսեան-Ալիեւ
Հանդիպման Մասին Լուրը

Հայաստանի նախագահական նստավայրէն  ո՛չ հերքեցին, ո՛չ ալ հաստատեցին Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ այս շաբաթ տեղի ունենալիք Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման մասին լուրը: Պատասխանելով News.am-ի գրաւոր հարցումին` նախագահի մամլոյ քարտուղարի գրասենեակէն յայտնեցին, որ իբրեւ կանոն Հայաստանի  նախագահին այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն մասին կը տեղեկացուի պատշաճ կարգով եւ ժամանակին:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք անցեալ շաբաթ յայտնած էր, թէ հաւանական է, որ Կալեսի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ կատարուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպումը: Ատիկա կախեալ կ՛ըլլայ հանդիպումներու եւ քննարկումներու համար նախագահներու պատրաստակամութենէն եւ ցանկութենէն, ըսած էր դիւանագէտը: «Արտաքին գործոց նախարար Քերրի պատրաստ է անձամբ դերակատար ըլլալու  այդ տագնապի լուծման գործին մէջ, եթէ անոր մասնակցութիւնը որեւէ բանով կ՛օգնէ»,  ըսած էր դիւանագէտը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան
Բրիտանիա Մեկնեցաւ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ երէկ երեկոյեան Բրիտանիա մեկնեցաւ:

Հանրապետութեան նախագահը պիտի մասնակցի Նիւփորթի մէջ այսօր տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու (ԻՍԱՖ) առաքելութեան մասնակից գործընկեր երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Սերժ Սարգսեան ելոյթ պիտի ունենայ:

ՕԹԱՆ-Անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժեր ձեւաչափով վերջին այս hանդիպման պիտի ամփոփուին Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու առաքելութեան արդիւնքները եւ պիտի նշուին նոր` «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան ուղղութիւնները:

Հայաստան 2010 թուականէն ի վեր ըլլալով միջազգային այդ առաքելութեան մասնակից եւ միջազգային ուժերու կազմին մէջ տեղակայելով մինչեւ 126 հոգինոց զօրախումբ, իր ներդրումը ունեցած է Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան եւ ներազգային համերաշխութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող միջազգային հաւաքական ջանքերուն եւ յանձնառու է շարունակելու մասնակցութիւնը նոր առաքելութեան ծիրին մէջ:

Այսօր երեկոյեան, հանդիպման մասնակիցներուն համար կը սարքուի ընդունելութիւն Կալեսի արքայազն Չարլզ իշխանին անունով եւ անպաշտօն ընթրիք` ի պատիւ մասնակից երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն:

Նախորդը

Հայաստան Իրաքի Եզիտիներուն Փոխանցեց 100 Հազար Տոլարի Օժանդակութիւնը

Յաջորդը

Ճատրակ. Էլինա Դանիէլեան Բարձրացաւ 6-րդ Դիրք

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.