Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 2 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Պիերվիթին յանձնեց նոյն գրասենեակի ժընեւեան կեդրոնի դրամատնային հաշիւին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Իրաքի մէջ ծայրայեղականներու գործողութիւններուն հետեւանքով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով 100 հազար տոլարի վճարման գիրը:
«Վերջին շաբաթներուն ընթացքին աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են Իրաքի ծայրայեղականներուն կողմէ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ իրականացուող զանգուածային ոճրագործութիւնները: Բռնութիւններու հետեւանքով բնակութեան մնայուն վայրերէն տեղահանուած են հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ` եզիտիներ, քրիստոնեաներ, մահմետականներ: Բռնութիւնները բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձան», ըսաւ Նալբանդեան` աւելցնելով, որ Հայաստանը համահեղինակած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 1 սեպտեմբերին ընդունուած համապատասխան բանաձեւը:
Նալբանդեանի խօսքով` «Հայաստանի ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները կը կիսեն Հայաստանի եզիտի քաղաքացիներուն անհանգստութիւնը եւ վրդովմունքը` տեղի ունեցող ողբերգական զարգացումներուն կապակցութեամբ»:
Ինչպէս կը հաղորդեն արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն, արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Պրետլի Պուզեթօ, Եզիտիներու ազգային միութեան նախագահ Ազիզ Թամոյեան, Հայաստանի եզիտիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Բրօ Հասանեան:
Պրետլի Պուզեթօ գնահատեց Հայաստանի մարդասիրական քայլը եւ համերաշխութիւնը` ցեղասպանութեան սպառնալիքի առջեւ յայտնուած Իրաքի փոքրամասնութիւններուն հետ:
Հայաստանի կառավարութիւնը 21 օգոստոսի նիստին որոշած էր Իրաքի` ներքաղաքական բախումներուն հետեւանքով տուժած եւ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած եզիտիներուն իբրեւ օգնութիւն յատկացնել 100 հազար ամերիկեան տոլար:
Իսլամական արմատական զինեալներու` օգոստոսի սկիզբը Իրաքի հիւսիսային Սինճար քաղաքի գրաւումէն ետք տեղւոյն եզիտի փոքրամասնութեան (որ քաղաքը իր հայրենիքը կը նկատէ) անդամները, վախնալով կորսնցնել իրենց կեանքը, ստիպուած էին փախչիլ շրջակայ լեռները` յայտնուելով օգնութեան խիստ կարիքի մէջ:


