
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախանցեալ օր կանուխ առաւօտեան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները բազմամարդ երթով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ուղղուեցան Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին, եւ ծաղիկներ դրին հայրենիքի ազատութեան համար հերոսաբար զոհուածներու շիրիմներուն: Այնուհետեւ հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները ծաղիկներ զետեղեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ վերջին տասնամեակներու յիշարժան թուականներէն երեքն են` Արցախի անկախութեան հռչակման օրը, Շուշիի ազատագրման օրը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը. «Շատ կարեւոր է, որ Արցախի ժողովուրդը 23 տարի առաջ ճիշդ պահուն կրցաւ հռչակել իր անկախութիւնը: Ասիկա անշուշտ գործընթաց է եւ մենք տակաւին չենք կրնար այս անկախութիւնը վերջնականապէս միջազգայնօրէն ամրագրել Արցախը ազատագրելը ինքնին հսկայական յառաջընթաց է եւ պատմական նշանակութիւն ունի, աւելի՛ն, Արցախի անկախութեան հռչակման օրուան կապակցութեամբ շնորհաւորելով մեր ամբողջ ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, պէտք է ապրինք այն վստահութեամբ, որ պիտի գայ այն օրը, որ այս բոլորը վերջնական ձեւակերպում կը ստանան նաեւ միջազգայնօրէն»:
«Աշխարհի մէջ այսօր իրավիճակը այնպիսին է, որ պէտք է միշտ աւելին ընել: Ես խորապէս վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնները կարող են եւ պարտաւոր են աւելին ընել: Սակայն ակնկալել, որ աշխարհի տարբեր պետութիւններ շատ արագ կը ճանչնան Արցախի անկախութիւնը, քիչ յուսալի է, բայց քայլ առ քայլ գործընթացը յառաջ կը շարժի եւ բոլորովին վերջերս Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը: Կը կարծեմ ճամբան ճիշդ ընտրուած է: Պարզապէս պէտք է ջանքերը լարել եւ աւելին ընել: Ի վերջոյ մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին»:


