Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ սէուտական «Եաում» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն ու Հըզպալլան ամբաստանեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը խանգարելու յանցանքով` աւելցնելով, որ անոնց մտահոգութիւնը այն է, որ զօր. Աուն իբրեւ հանրապետութեան նախագահ կրնայ չընդունուիլ:
Ժեմայէլ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը ի զօրու է` աւելցնելով, որ կարիք չկայ այդ թեկնածութիւնը պաշտօնապէս յայտարարելու:
Ժեմայէլ ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է նախագահական ընտրութիւնը կատարել երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ` աւելցնելով, որ պէտք է սահմանադրական ժամկէտները յարգել:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ շատ վտանգաւոր նկատեց հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակում կատարելը` շեշտելով, որ անոր նպատակն է Լիբանանը Իսրայէլի հետ պատերազմական վիճակի մէջ դնել:
Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր թագաւորական օժանդակութեան առիթով:


