ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ապահովութեան ուժերը երէկ կէսօրէ ետք հակակշիռի տակ առին Անթիլիաս-Պէյրութ ծովային ճամբուն վրայ «Հիւնտայ» ինքնաշարժի ընկերութեան եւ Ժամիլ Ժեմայէլ նաւահանգիստին միջեւ բռնկած հրդեհը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն համար նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով իրենք իբրեւ համաձայնութիւն լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ նախկին երեսփոխան Ժան Օպէյտի թեկնածութիւնը չեն առաջադրած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց Մինայի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ պատերուն վրայ գրուած արձանագրութիւնները եւ շեշտեց, որ Թրիփոլի պիտի մնայ ազգային միասնականութեան փարոսը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահական ընտրութեան հաւանականութիւնը համազօր է սատանայի դրախտ մուտք գործելուն հաւանականութեան:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը պետական պիւտճէի նիւթական բացը պիտի նուազեցնէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, պենզինի, մազութի եւ կազի թիթեղին սակերը նուազած են 200 լ. ոսկիով:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը քայլերու դիմած է` արգիլելու համար ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի այլ բանակայինի մը սպանութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախաձեռնութիւնը յաջորդած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, իրենց կողմէ յայտարարուած նախաձեռնութիւնը շարունակութիւնն է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլին էր ու պիտի մնայ ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան քաղաքը, որուն բնակիչները բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն կը պատկանին:
ՏԸՆՆԻԷԻ քաղաքապետարաններուն համադաշնակցութիւնը հերքեց շրջանի բարձունքներուն վրայ զինեալներու գոյութեան վերաբերող լուրերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ իրենք չեն փափաքիր խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, սակայն ստիպուած կը զգան այդ քայլին դիմել` պահպանելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն շարունակականութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ճիգ չեն խնայեր արգելակելու երկրին սահմանադրական աշխատանքները: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով օտար դիւանագէտներէ, հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա անհրաժեշտ կը նկատէ նախագահական ընտրութիւնը կատարել:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենց առաջադրած նախաձեռնութեան նպատակն է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ընտրութիւնը ապահովել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ եթէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կրցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ համաձայնութեան մը յանգիլ, ապա նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը կարելի պիտի դառնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջադրած նախաձեռնութիւնը փաստ մըն է, թէ երկրին մէջ ո՛վ կը փորձէ հարցերը լուծել եւ ո՛վ կը ջանայ այդ լուծումները արգելակել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջարկը անհեթեթ է եւ արժանի չէ նախաձեռնութիւն կոչուելու:
ՄԱՐՏ 8-ի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ ոչ ոք համաձայն պիտի գտնուի հաւանական ահաբեկիչներու ազատ արձակումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ ուղղակի երկխօսութիւն պիտի կատարեն` նախագահական ընտրութեան առումով համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Շուֆի եւ Իքլիմ Խարրուպի մէջ սիւննի եւ քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ հողաշերտեր գնելու ընթացք մը ծայր առած է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց, որ Հըզպալլա տակաւին ոչ մէկ կեցուածք յայտարարած է` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն առաջադրած նախաձեռնութեան առնչութեամբ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան տակաւին հաւատադրժողական ահաբեկչութեան թիրախ է:
ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Ռահիմ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն այս կամ այն քաղաքական ուժը կամ այս կամ այն համայնքը ընդվզեցնող ամէն տեսակի արարք:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Ժորժ Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոս հաստատեց, որ Թրիփոլիի եկեղեցիներէն մէկուն վրայ արձանագրուած գրութիւնները Թրիփոլիի ընկերութիւնը չի ներկայացներ, որովհետեւ Թրիփոլի ազգային համերաշխութեան քաղաքն է, եւ նման տղայական արարքներ անոնց վրայ չեն ազդեր:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Թրիփոլիի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ պատին վրայ ընդվզեցնող արձանագրութիւններ ձգողը չի կրնար իսլամ ըլլալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ առեւանգեալ զինուորները ազատ արձակելու առումով Լիբանանի կառավարութիւնը հետզհետէ իր ուժերը եւ բոլոր կապերը կը կորսնցնէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամաա կոչ ուղղեց Լիբանան-Սուրիա սահմանագծում կատարելու:


