
Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Պաթ Ային ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին նշեց, որ շրջանի անվտանգութիւնը Իրանի համար շատ կարեւոր է:
«Այդ տեսանկիւնէն ղարաբաղեան տագնապի լուծումը եւս կարեւոր նշանակութիւն ունի մեզի համար: Մենք շատ կը փափաքինք, որ այս տագնապը գտնէ իր շուտափոյթ լուծումը», ըսած է դեսպանը:
Սակայն, ըստ անոր, խնդիրի լուծման հոլովոյթը դանդաղ կ՛ընթանայ: «Մենք կը գտնենք, որ այս չլուծուած տագնապը բացասաբար կ՛ազդէ շրջանի կայունութեան վրայ», ըսած է դեսպանը:
Ան յոյս յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները վճռորոշ դեր ունենան այս հարցին մէջ, եւ շուտով ղարաբաղեան խնդիրը ստանայ իր լուծումը:
Դեսպանը նաեւ յայտնած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պիտի այցելէ Պաքու:
Ըստ անոր, այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային, սակայն յստակ թուականը յայտնի պիտի դառնայ յառաջիկայ օրերուն:
Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանը նշած է, որ Իրանի նախագահի Ազրպէյճան այցելութիւնը «երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլի սկիզբ պիտի հանդիսանայ»:


