ՏԱՀԵՇ-ի անդամներէն Ապու Մուսաապի (Հաֆիտ Պաղտատի) կողմէ երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակուած նորագոյն սպառնալիքը` զինուորական մը եւս «գլխատելու» գծով, սաստկացուց առանց այդ ալ իրենց զաւակներու ազատութեան կոչերով ընդվզած ծնողներուն բողոքի քայլերը: Արդարեւ, երէկ ամբողջ օրուան տեւողութեան Լիբանանի, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ մերթ ցոյցերով, մերթ ինքնաշարժներով փակեցին ճամբաները` պետութենէն եւ պատկան կողմերէն պահանջելով փութացնել իրենց զաւակներուն ազատ արձակման յանգելու կոչուած ճիգերը:
Պեքաայի մէջ ցուցարարներ փակեցին Այն-Հերմել մայրուղին` պահանջելով առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակումը:
Նմանապէս, առեւանգեալ զինուորականներու ընտանեկան պարագաներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին` փակելով Ռաշայայի Խըրպըթ Ռոհա ճամբան:
Նշենք, որ լիբանանեան զանազան կողմեր դէմ են առեւանգեալ զինուորականները Ռումիէի բանտին իսլամական արգելափակեալներուն հետ փոխանակելու բանակցութեանց: Ըստ անոնց, նման զիջում կրնայ իւրաքանչիւր լիբանանցի զինուորական առեւանգեալ գերիի վիճակին մատնել: Այլ խօսքով, փոխանակման քայլը կրնայ քաջալերել ահաբեկիչները իրենց պահանջներու իրագործման գծով:
Իր կարգին, նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ դատապարտեց ահաբեկիչներուն հետ բանակցելու գաղափարը` ընդգծելով, որ ազգային միասնականութիւնը միակ ճամբան է երկիրը նման փորձանքէ փրկելու: Լահուտ անհրաժեշտ նկատեց «ճնշում բանեցնել ահաբեկչական խմբաւորումները հովանաւորող պետութեանց վրայ եւ համագործակցիլ պատկան կողմերու եւ երկիրներու հետ, ներառեալ` Սուրիոյ, միացեալ ճակատով դիմակալելու համար ահաբեկչական փորձանքը»:


