
Հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխաններէն Ահմէտ Քարամէ երէկ բուռն կերպով դատապարտեց Թրիփոլիի կարգ մը եկեղեցիներու պատերուն վրայ «խաչապաշտ քրիստոնեաներուն» ուղղուած սպառնալիքները: «Նման արարքներ կը վնասեն համակեցութեան, եղբայրութեան ու ներողամտութեան քաղաք նկատուող Թրիփոլիի պատմութեան ու վարկին», շեշտեց Քարամէ` կոչ ուղղելով ապահովական պատկան կողմերուն փութացնելու նման քայլերու ետին կանգնողներուն քողազերծումը:
Նմանապէս, Թրիփոլիի միւֆթին, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը եւ Թրիփոլիի գործարար կիներու միութեան նախագահ Լէյլա Քարամէ եւս բուռն կերպով դատապարտեցին այս եւ նման արարքներ:


