Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմէն վերադարձաւ Պէյրութ եւ ուղղուեցաւ Պքերքէ` առանց ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարելու:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը մօտերս պիտի մեկնի Ուաշինկթըն` մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան քննարկման յատկացուած համագումարին:


