
Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձին առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիրներ պետական պարգեւներով պարգեւատրելու եւ պատուոյ կոչումներ շնորհելու մասին:
Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան եւ անձնական արիութեան համար «Մարտական խաչ» Բ. աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 2 հոգի` յետմահու: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած անձնական արիութեան համար «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուած է 4 հոգի: Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդին, ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան համար «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրուած է 83 հոգի, 7-ն` յետմահու:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար «Մխիթար Գոշ» մետալով պարգեւատրուած է 4 հոգի, «Վաչական Բարեպաշտ» մետալով` 4 հոգի, «Երախտագիտութիւն» մետալով` 26 հոգի:
Մշակոյթի, արուեստի, մարմնակրթութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի վաստակին համար խումբ մը անձերու շնորհուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուոյ կոչումներ:


