Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ արարողակարգային հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռէյիսիի, Հայաստանի մէջ զինուորական կցորդի դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտած գնդապետ Համիտ Ռըզա Միրզայի եւ նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդապետ Սէյիտ Հոսէյն Վահիտի Շէյխի հետ:
Դեսպան Ռէյիսի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց նոր նշանակուած զինուորական կցորդը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին հայ-իրանեան բազմակողմ համագործակցութեան վերաբերող, երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներն ու տագնապներու լուծման առնչուող հարցեր:
Հանդիպման աւարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը գնդապետ Համիտ Ռըզա Միրզային շնորհակալութիւն յայտնեց կողմերու պաշտպանութեան նախարարութիւններու համագործակցութեան զարգացման նպաստելուն համար, իսկ նոր նշանակուած զինուորական կցորդին յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի մէջ հետագայ ծառայութիւնը իրականացնելու ընթացքին:


