Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակը Արսալի Ուատի Հմայտ շրջանին մէջ նշմարած է «Շեվրոլէ» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէին երեք յանցագործներ:
Բանակի շրջուն ջոկատ մը զանոնք հետապնդելու ընթացքին անոնց հետ զինեալ բախումներու մէջ գտնուած է եւ կրցած ձերբակալել անոնցմէ երկուքը` Խալետ Ահմետ Ամուն եւ Մոհամետ Ռիատ Իզէտտին, իսկ երրորդը յաջողած է փախուստ տալ:
Բանակը անոնցմէ գրաւած է Քալաշնիքով տիպի գնդացիրներ, ձեռնառումբեր եւ թեթեւ զէնքեր, ինչպէս նաեւ բջիջային հեռաձայններ եւ քամերաներ:
Բանակը ձերբակալեց նաեւ ահաբեկիչ Խալետ Քրամպին, որ կը փորձէր արգելափակեալ ահաբեկիչ Իմատ Ժումաայի թիկնապահները Արսալէն դուրս հանել:
Միւս կողմէ, բանակին եւ զինեալներու միջեւ բախումներ արձանագրուած են նախանցեալ օր ուշ գիշերին: Բախումներուն ընթացքին մեծ թիւով զինեալներ սպաննուած են:
ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Ալի Սէյիտ անունով բանակայինը անճիտելու տեղեկութիւններուն մասին յստակ եւ ստոյգ ոչ մէկ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի: Իսկ Ալի Սէյիտի ընտանիքը եւ Աքքարի Ֆնայտեք շրջանի բնակիչները առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին արձանագրած բացթողումին պատասխանատու նկատեցին Լիբանանի կառավարութիւնը:
Պէտք է աւելցնել, որ երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին, ՏԱՀԵՇ համացանցի վրայ տեղադրեց վիտէօ մը, որուն մէջ երեւցան առեւանգուած ինը զինուորներ, որոնք իրենց ընտանիքներէն եւ ընկերներէն պահանջեցին փողոց իջնել եւ ճնշում բանեցնել լիբանանեան պետութեան վրայ, որպէսզի համաձայն գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի պահանջները կատարելու եւ անոր յանձնէ Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներէն մի քանին:
Երէկ կէս գիշերին շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտարարեց, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը պիտի շարունակէ բանակցութիւնները առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով: Ան նաեւ ըսաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու առեւանգուած անդամները ողջ առողջ են:


