
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ստանձնեց ամերիկեան պետութեան տրամադրած զինուորական օժանդակութիւնները` ներկայութեամբ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեանի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի:
Բանակին տրամադրուած ամերիկեան զէնքի ու զինամթերքի ստանձնումի պահուն գնդապետ-զօրավար Մ. Գրաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան պետութեան` Լիբանանին տրամադրած անոր զինուորական օժանդակութեան համար:
Ան շեշտեց, որ բանակին համար նորութիւն մը չէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը, սակայն պէտք է նշել, որ Արսալի ճակատամարտը ամէնէն վտանգաւորն էր` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները:
Գնդապետ-զօրավար Մ. Գրաճեան հաստատեց, որ բանակին ջանքերն ու զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն կողմէ բանակին ցուցաբերուած զօրակցութիւնն ու միասնականութիւնը ձախողեցուցած են ահաբեկիչներուն ծրագիրները: Ան շեշտեց, որ հակառակ դժուարութիւններուն, իրենք կը մնան հզօր` իրենց միասնականութեամբ եւ բանակին նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած զօրակցութեամբ:
Իր կարգին, Հէյլ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ զինել լիբանանեան բանակը: Ան յայտնեց, որ բանակին տրամադրուած այս զէնքը ամերիկացի ժողովուրդին նուէրն է` աւելցնելով, որ բանակին տրամադրուած են այնպիսի զէնքեր, որոնց գործածութիւնը անհրաժեշտ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պարագային:


