Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտ դէպի Վատիկան մեկնումի ճամբուն խոր ընդվզում յայտնեց երկրին նախագահական ընտրութեան ձգձգման փորձերուն համար` ընդգծելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի թեկնածուի մը «Դուն դուրս ես կամ ներս ես» ըսելու: Նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթը լիբանանցիներու ճակտին «ամօթի խարան» մը որակեց Ռայի պատրիարքը` նշելով, որ ինք ո՛չ զօրակից է, ո՛չ ալ դէմ է այս կամ այն թեկնածուին:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին հրաժեշտ տալու համար օդակայան ժամանած էին հոգեւոր եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Պէյրութի օդակայանի ապահովական ցանցի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ժան Թալուզեան:
ՆՇԵՆՔ, որ Ռայի պատրիարքը Վատիկանի մէջ պիտի տեսակցի Ֆրանչիսկոս պապին հետ ու անոր փոխանցէ վերջերս Պքերքէի մէջ գումարուած Արեւելքի պատրիարքներու վեհաժողովին մթնոլորտն ու արդիւնքները:


