«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտը երեքշաբթի երեկոյեան միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին բանաձեւը:
Ձայներու 36 թեր, 0 դէմ յարաբերակցութեամբ ծերակոյտը որդեգրած է օրէնք մը, որուն հիմամբ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու եւ ականատեսներու բանաւոր վկայութիւնները կը ներառուին Քալիֆորնիոյ անվճար միջնակարգ դպրոցներու մարդու իրաւունքներու նիւթի ծրագիրներուն մէջ եւ կը խրախուսուի նահանգի ու տեղւոյն մասնագիտական զարգացման նախաձեռնութիւններուն նիւթեր տրամադրել ուսուցիչներուն` Հայոց ցեղասպանութեան մասին դասաւանդելու համար:
Նախագիծին հեղինակն է ծերակոյտի անդամ Ատրին Նազարեան: Ապրիլին օրինագիծին միաձայնութեամբ սատարած էին Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովին մէջ, որմէ ետք անիկա փոխանցուած էր Ծերակոյտի դիտարկման մակարդակ:
Տակաւին 1985-ին Քալիֆորնիոյ մէջ որդեգրուած էր օրէնք մը, որուն միջոցով Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը ներառուած էր հասարակական գիտութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ: Քալիֆորնիան այն 11 ամերիկեան նահանգներէն է, որոնց մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը ներառուած է կրթական ծրագիրներուն մէջ:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը ողջունած է օրէնքի որդեգրումը:


