
«Newsmail.com» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ հարցով Մինսքի մէջ երեքշաբթի օր տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք, որոնց ժամանակ քննարկուած էին նաեւ Մաքսային միութեան զարգացման հեռանկարները, Ղազախստանի նախագահը հանդիպած է ղազախական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ խօսած նաեւ Հայաստանի ու Խըրխըզիստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան մասին:
Ըստ Նազարպայեւի, Մաքսային միութեան հարցով Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները առանձին հանդիպում ունեցած են: Որոշուած է 10 հոկտեմբերին Մինսքի մէջ կատարել բանակցութիւններ, որոնց ծիրին մէջ կը ծրագրուի որոշել Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի եւ Խըրխըզիստանի անդամակցութեան հարցը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Նազարպայեւ այս մասին ղազախ լրագրողներուն հետ խօսած է կէսգիշերէն ետք, ինչ որ բաւական ուշ ժամ է պաշտօնական հանդիպումներու համար: Ատիկա մէկը իր կարգին կը վկայէ բանակցութիւններու բարդութեան եւ կարեւորութեան մասին:


