
Առեւանգեալ զինուորներու եւ ներքին Ապահովութեան ուժերէն անդամներու հարցը, ինչպէս նաեւ բանակի զինումն ու անոր որդեգրած քայլերուն զօրակցութիւնը առանցքը կազմեցին երէկ երկրի քաղաքական թէ զինուորական պատասխանատուներու խորհրդակցութեանց: Այս ծիրին մէջ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու զինուորական հաստատութեան առնչուող հարցեր:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի երէկ ընդունեց ֆրանսական դեսպանատան գործավարն ու զինուորական կցորդը, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ երկու պետութեանց բանակներուն վերաբերող հարցերու ու երկկողմանի յարաբերութիւններու շուրջ:
Զօր. Քահուաժի երէկ նաեւ հանդիպում ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ: Անոնք միասնաբար քննեցին ի նպաստ բանակին կատարուող նուիրատուութիւններն ու բանակի զինման առնչուող հարցեր:
ՄԻՒՍ կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ զօր. Քահուաժիին իմացուց ի նպաստ բանակին կատարուած հանգանակութեան եւ հաւաքուած 237 հազար տոլար գումարին մասին:


