ԵՐԿՈՒ եւ հինգ տարեկան երկու մանուկներ նախանցեալ գիշեր զոհ գացին ինքնաշարժի արկածի մը` Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ: Վարորդը` Ֆաթմէ Համտան Ուըհպէ, ձերբակալուեցաւ ու անոր ինքնաշարժը դրուեցաւ ապահովական պատկան ուժերու հսկողութեան տակ:
ԵՐԷԿ ազատ արձակուեցաւ տասը օրերէ ի վեր Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի գործարար Սաատալլա Սըքլաուին, որ ծագումով Սուրի Տէյր Քանուն աւանէն է:


