Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը ներում հայցեց քաղաքացիներէն` հոսանքի նորոգման աշխատանքներուն առկախման պատճառով:
Հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ նորոգման պաշտօնեաներն ու ճարտարագէտները չեն կրցած մուտք գործել ընկերութիւն եւ առնել նորոգութեան անհրաժեշտ սարքերն ու գործիքները: Ընկերութիւնը կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն փրկել հաստատութիւնը իր դիմագրաւած արտառոց վիճակէն:


