
«Տէոչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի հետ երեքշաբթի օր Մինսքի մէջ Ուքրանիոյ իրավիճակի լուծման վերաբերեալ բազմակողմ վեհաժողովի ծիրին մէջ երկու ժամուան հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած են որոշակի համաձայնութիւններ, որոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն մարդասիրական օժանդակութեան յատկացման: «Այժմ տակաւին յառաջ չենք երթար, սակայն, ամէն պարագայի, որոշակի համաձայնութիւններ կան», ըսած է Փութին: Ան նաեւ նշած է, որ «դրական» կը գնահատէ բանակցութիւններու արդիւնքը: Մասնաւորաբար` Փութին դրական կը նկատէ ուժանիւթի հարցերուն շուրջ երկխօսութեան վերսկսելու կողմերու պատրաստակամութիւնը:
Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ իր կարգին Փութինի հետ բանակցութիւնները բնութագրած է իբրեւ «շատ բարդ եւ ծանր»: Բայց եւ այնպէս, երկու պետութիւններու ղեկավարները համաձայնած են մշակել երկրին արեւելքը զինադադարի վերաբերեալ ծրագիր մը: Փորոշենքօ նշած է, որ Ուքրանիա եւ Ռուսիա պիտի սկսին խորհրդակցութիւններ կատարել երկու երկիրներու սահմանային գերատեսչութիւններուն եւ սպայակոյտերուն միջեւ:
Համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ աշխուժացնելու կապի խմբակի աշխատանքները` ԵԱՀԿ-ի մասնակցութեամբ: Փորոշենքօ յայտնած է, որ խաղաղ ծրագիրի հիման վրայ պիտի մշակուի «ընթացագիծ» մը: Ուքրանական կողմը կը պնդէ նաեւ բոլոր գերիներու անյապաղ ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն զինուորական սպառազինութեան ու զէնքի մատակարարման համար սահմաններու փակման հարցին վրայ:
«Քոմերսանթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւն-Ուքրանիա-«Եւրասիական եռեակ» ձեւաչափով վեհաժողովին ընթացքին Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ` Եւրոպական միութեան հետ ընկերակցութեան պարագային Մոսկուա մտադիր չէ ջնջելու արտօնութիւնները ուքրանական ապրանքներու ներածման համար:
Իբրեւ պատասխան Փորոշենքօ առաջարկած է ստեղծել հսկողութեան խումբ մը, որ պիտի գնահատէ Մաքսային միութեան վնասի իրական չափը Քիեւի այդ քայլէն:
Ռուսիոյ նախագահին կարծիքով` առաւել օգտակար պիտի ըլլար «Մաքսային միութեան երկիրներու եւ Ուքրանիոյ համագործակցութեան ընդլայնումը, ոչ թէ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութիւնը»: Ինչպէս վերջինս ընդգծած է` Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ «իր շուկան պաշտպանելու համար» չեղեալ նկատելու ուքրանական ապրանքներու ներածման արտօնութիւնները եւ առեւտուրի արժեչափերու դրութիւն սահմանելու: Ըստ Փութինի, ատիկա ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին ԱՊՀ համաձայնագիրի դրոյթներուն:
Փորոշենքօ յայտարարած է, որ Քիեւ հետաքրքրուած է շարունակելու երկխօսութիւնը թէ՛ Եւրոպական Միութեան, թէ՛ «Եւրասիական եռեակ»-ին հետ: Առաջարկելով հսկողութեան խումբ ստեղծել` Ուքրանիոյ նախագահը նշած է, որ միայն ատկէ ետք կարելի պիտի ըլլայ զրուցել պաշտպանութեան կամ փոխհատուցման մեքանիզմներու մասին:
Ան նաեւ ըսած է, որ պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահին առիթ տալ` «խաղէն դուրս գալու» արժանապատիւ կերպով:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Փաւել Քլիմքին երէկ «Թուիթըր-ի վրայ գրեց.
«Պէտք չէ մեր ռուս գործընկերներուն ցանկութիւնները իբրեւ իրականութիւն ընդունիլ: Համաձայնագիրի բնագիրը պիտի չփոխենք: Պիտի վաւերացնենք եւ գործադրենք»:
Նշենք, որ Փորոշենքօ երէկ խորհրդարանը լուծարելու եւ 26 հոկտեմբերին արտակարգ ընտրութիւններ նշանակելու մասին հրամանագիր մը ստորագրեց:


