
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները հաստատած են Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթընի` Հերպերթ Զալպերը Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելու առաջարկը:
«Ես ուրախ եմ յայտարարելու այդ կարեւոր պաշտօնին դեսպան Զալպերի նշանակման մասին: Անոր երկարամեայ փորձառութիւնն ու գիտելիքները էական նշանակութիւն ունին Եւրոպական Միութեան համար, եւ ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ անոր հետ աշխատանքի սկիզբին», յայտարարած է Էշթըն:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր ասպարէզի աւարտէն ետք Զալպեր աշխատած է Ալմաթիի մէջ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի կեդրոնի ղեկավար:


