«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ 27 օգոստոսին տեղի ունեցած է օտար եւ սփիւռքահայ ուսանողներու ընդունելութեան յանձնաժողովի նիստ, զոր վարած է նախարար Արմէն Աշոտեան: Օրակարգի հիմնական հարցերուն անդրադառնալէ առաջ` նախարարը տեղեկացուցած է, որ ընդառաջելով սուրիահայ դիմորդներուն խնդրանքին` սփիւռքահայ եւ օտար դիմողներու փաստաթուղթերու ընդունման ժամկէտը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առկայ վճարովի համակարգին, ինչպէս նաեւ նախնական արհեստագործական եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ երկարաձգուած է մինչեւ 30 սեպտեմբեր:
Պետական պատուէրով յատկացուած տեղերուն մասին խօսելով` նախարարը ընդգծած է, որ անոնք կը յատկացուին հայագիտական մասնագիտութիւններուն: Մանկավարժական մասնագիտութիւններուն համար սփիւռքահայ ուսանողներու պետական պատուէրը այս տարի յատկացուած է բացառաբար Գիւմրիի Նալբանդեանի անուան մանկավարժական հաստատութեան:
Նիստի օրակարգին վրայ էր 2014-2015 ուսումնական տարուան համար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ներկայացուած սփիւռքահայերու փաստաթուղթերու ընդունման եւ հաշուառման ընթացքը: 22 օգոստոսի դրութեամբ Հայաստանի կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններ ընդունուելու դիմում ներկայացուցած է 337 սփիւռքահայ, հիմնական մասը, շուրջ 154 դիմորդ Վրաստանէն, 71-ը` Ռուսիայէն, 67-ը` Սուրիայէն: Օտար դիմողներուն թիւը նոյն օրուան դրութեամբ կազմած է 117: Նիստին ընթացքին սփիւռքահայ ուսանողները ընդունող յանձնաժողովը որոշած է Հայաստանի պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առկայ ուսուցման 2014-2015 տարեշրջանի մասնագիտութիւններու եւ ընդունելութեան քննութիւններու ցանկով նախատեսուած միասնական եւ կեդրոնացեալ կարգով պետական քննութիւններուն մասնակցած ու համապատասխան առարկաներէն դրական գնահատականներ ստացած դիմորդները ազատ կացուցել այդ նիւթերուն համար նախատեսուած գիտելիքներու ստուգումէն:
Որոշուած է սփիւռքահայ եւ օտար դիմորդներու գիտելիքներու ստուգումը կազմակերպել 29 օգոստոսէն մինչեւ 8 սեպտեմբեր:


