Վերջին շրջանին հետզհետէ սաստկացող ու ծաւալող ընկերային բողոքի շարժումները կեդրոնացան երկրին տարրական կարիքներուն` ջրաբաշխումի եւ յատկապէս ելեկտրականութեան մարզերուն վրայ: Արդարեւ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ դարձեալ փակեցին Ելեկտրականութեան ընկերութեան դռները` անիւներ հրկիզելով եւ արգիլելով պաշտօնեաներու թէ պատասխանատուներու ընկերութեան մուտքը: Անոնք վերջին առիթ մը տուին նախարարաց խորհուրդին` ընդառաջելու իրենց պահանջներուն, այլապէս սպառնալով արտակարգ նիստ գումարել յառաջիկայ ուրբաթ եւ սաստկացնել իրենց քայլերը:
Այս ծիրին մէջ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի հանդիպում մը ունեցաւ սարակներու մէկ պատուիրակութեան հետ եւ անոնց թելադրեց հեռու մնալ քաղաքական տարակարծութիւններէ եւ համայնքային շահադիտական մօտեցումներէ: Քազզի այս գծով կապի մէջ մտաւ նաեւ ջուրի եւ ուժանիւթի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի եւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի հետ:
Նշենք, որ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը պահանջեց, որ այս հաստատութիւնը դրուի ներքին Ապահովութեան Ուժերու հսկողութեան տակ` նկատի ունենալով, որ բողոքի քայլերը ժխտականօրէն կ՛ազդեն ելեկտրական հոսանքի հայթայթումին վրայ:
Միւս կողմէ, ապրանքատար փոխադրակառքեր երէկ փակեցին Պաթրուն-Շեքքա մայրուղին` առ ի բողոք իրենց կացութեան եւ պահանջներու անտեսման:


