Բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի իր այցելութիւնները սահմանափակած է երկրի իշխանութեան պետերուն` խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ` ապահովական նախազգուշութիւններով:
Ըստ լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին, զօր. Քահուաժի իր այցելուներուն յայտնած է, որ բանակի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր մէկէ աւելի առիթներով հեռաձայնային սպառնալիքներ ստացած է: Զօր. Քահուաժի հաստատ կը մնայ իր այն կարծիքին վրայ, թէ լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է:


