Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարին հետ բծախնդրութեամբ կը վարուին` աւելցնելով, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին որդեգրած քայլերը այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնան:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ իրենք շնորհակալ են Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին` անոր ցուցաբերած ջանքերուն համար, յատկապէս նկատի ունենալով, որ խորհուրդը ոչ մէկ անձնական շահ կը հետապնդէ:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ առեւանգուած զինուորներու թղթածրարին լուծումը խնամքի, բծախնդրութեան եւ գաղտնապահութեան կը կարօտի, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն կապուած է երկիրը պաշտպանող զինուորներուն եւ ոչ թէ այս կամ այն խմբաւորումին մաս կազմող զինեալներու:
Ան շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը ամէնօրեայ դրութեամբ քննարկուող հարցի մը պէտք չէ վերածել, եւ ոչ մէկ հաստատում կատարեց զինուորներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն վերաբերող թրքական եւ քաթարեան ենթադրեալ միջնորդութեան մասին:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակման առնչութեամբ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու կը մնայ:


