ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ «Թաչ» եւ «Ալֆա» հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընկերութիւններու վարչութիւնները այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին արտակարգ նիստի մը հրաւիրեց` քննարկելու համար քաղաքացիներուն կողմէ ներկայացուած վերջին քանի մը օրուան բողոքները եւ հետաքննութիւն բանալու երկու ընկերութիւններուն պարագային արձանագրուած խանգարումներուն դրդապատճառները բացայայտելու:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Արսալ մուտք գործած է ականուած ինքնաշարժ մը, որուն նպատակն է ահաբեկչական արարքի մը միջոցով թիրախ դարձնել հարսնեւորներու շքախումբ մը: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, ականուած ինքնաշարժին թիրախը այս պարագային լիբանանեան բանակը չէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին դէմ յեղաշրջումի համազօր է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախքան որոշ լուծումի մը յանգիլը նախագահական ընտրապայքարէն իր հրաժարիլը քաղաքական անձնասպանութիւն է:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին կողմէ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու առումով կատարուած բանակցութիւնները անհրաժեշտ էին` աւելի լայն ծիրով բանակցութիւններ կատարելու համար:
ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ շէյխ Ատնան Ումամա շեշտեց, որ իրենք վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ համաձայնած են լիբանանցի զինուորներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն մասին լուռ մնալ` առ ի յանձնառութիւն առեւանգուողներուն շահերուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ ներկայ ընտրական օրէնքը մշակուած է այնպէս մը, որ հարուածէ քրիստոնեաները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին կառչած մնալու իր ազգային դերակատարութեան` մաղթելով, որ առեւանգուած զինուորները մօտիկ ապագային ազատ արձակուին:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք հաստատեց, որ քրիստոնեայ քաղաքացիները հարուածելու մասին լուռ մնացած Արեւմուտքը կը պատրաստուի ստեղծելու մարդկութեան դէմ երկիր մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ բոլոր պետական այրերը պէտք է ճիգ թափեն լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնելու նպատակով:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան այն կեցուածքը, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումն ու ՏԱՀԵՇ-ը նոյն մետալին երկու երեսներն են, անմակարդակ յայտարարութիւն է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այսօր շշմած է` նկատի ունենալով, որ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ՏԱՀԵՇ-ը որակած էր մեծ սուտ մը, իսկ այսօր ամբողջ աշխարհին պատասխանատուները կը ջանան պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ այս հանգրուանին կարիք չկայ քննարկելու Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ պայքարելու առումով միջազգային միջամտութեան կարելիութիւնը:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ հեռու շրջաններէ Լիբանան հասնող իւրաքանչիւր սուրիացի կարելի չէ գաղթական նկատել:
«ՕՔԱԶ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պիտի կատարուի, նախքան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան աւարտը:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ լիբանանեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած են այնպիսի քստմնելի ոճիրներ, որոնք գերազանցած են ՏԱՀԵՇ-ի կատարածները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համախմբումին առաջադրած նախաձեռնութիւնը նախագահին ուժ կը ներշնչէ եւ հանրապետութեան նախագահութիւնը ճնշումներէ ազատ կը կացուցէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մույին Մերեհպի կոչ ուղղեց սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու` նախագահական ընտրութենէն ետք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւնները կը յանգին իսկական անիշխանութեան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդատու Ալի Համտան շեշտեց, որ երկրին քաղաքական կեանքը խոչընդոտելու քայլերը կը սպառնան Լիբանանին եւ անոր ներքին հարուածներ կրնան հասցնել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ ամերիկեան ռմբակոծումին նպատակն է պաշտպանել Էրպիլի մէջ քարիւղի իր շահերը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Իսրայէլի շահերը տեղ մը կը համընկնին` փոքրամասնութիւններուն վրայ ճնշումներ բանեցնելու առումով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը չպատճառաբանուի պետական եւ օրէնսդրական այլ հաստատութիւններու աշխատանքները խոչընդոտելու քայլերով:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ խորհրդարանն ու քաղաքական պլոքները կը շարունակեն խախտել երկրին սահմանադրութիւնը եւ Ազգային ուխտը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ շեշտեց, որ իրենք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ նահանջ պիտի չարձանագրեն, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնեն, որ ոեւէ մէկը հարուածէ իրենց պայքարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ առեւանգուած զինուորներու թղթածրարին հետապնդումը կը շարունակուի լրջօրէն եւ պատասխանատուութեամբ կ՛ընթանայ, մինչեւ բոլոր առեւանգեալներուն ազատ արձակումը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց միասնաբար գործելու` դառնալու համար երկրին քաղաքական վարչակարգը հիմնելու ջանք թափող քաղաքացիներ:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իսլամական կրօնին դէմ մեծագոյն դաւադրութիւնը անոր իսկական պատկերին աղաւաղումն է` աւելցնելով, որ բոլորը կոչուած են պաշտպանելու իսլամական կրօնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան մասին կատարուած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ իրենք իրաւունք ունէին անկէ զգուշացնելու եւ անոր դէմ պայքարելու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երկու օր առաջ այցելած է Քաթար` քննարկելու համար առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու թղթածրարը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի զինուորները առեւանգող կողմերը պահանջած են Ռումիէի մէջ արգելափակուած 32 իսլամական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ այդ առումով անոնք անուանացանկ մը ներկայացուցած են:


