Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Նախագահ Սարգսեանի . Թուրքիոյ Նախագահի Երդման Արարողութեան Հայաստանի Մասնակցութիւնը Հաւանաբար Ըլլայ Արտաքին Գործոց Նախարարի Մակարդակով

August 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

serj-ngar-2Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 24 օգոստոսին այցելած է «Միասին» երիտասարդական շարժումին կողմէ կազմակերպուած «Միասին-2014» համահայկական երիտասարդական կրթական հաւաքի վրանային ճամբար: Վեցերորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի այս հաւաքը, որուն այս տարի կը մասնակցին 500 երիտասարդ` Երեւանէն եւ Հանրապետութեան այլ մարզերէ: Հանրապետութեան նախագահը շրջած է ճամբարին  տարածքը, զրուցած է հաւաքի մասնակիցներուն հետ, ծանօթացած ճամբարականներուն  պայմաններուն եւ առօրեային:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած է երիտասարդները հետաքրքրող հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, ներկայ մարտահրաւէրներուն,  երիտասարդութեան հարցերուն, պաշտպանութեան եւ շարք մը այլ նիւթերու:

Մասնաւորապէս, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, անոնց հեռանկարին եւ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումին վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը հրաւէր ստացած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն` մասնակցելու ընտրուած նախագահի երդման արարողութեան, եւ հաւանաբար մասնակցութիւնը տեղի ունենայ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով: Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարը պիտի տեղեկանայ նաեւ, եթէ Թուրքիոյ նախագահը կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին այցելելու  Ծիծեռնակաբերդ եւ իր աչքերով տեսնելու մարդկային հոծ երթը, որ տասնամեակներու  ընթացքին կ՛աւելնայ:

Իսկ պատասխանելով «Ե՞րբ պիտի բացուի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը» հարցումին նախագահ Սերժ Սարգսեան  ըսած է, որ այս հարցումին չի կրնար պատասխանել` ընդգծելով, որ  Հայաստանի ցանկութիւնն է, որ օր առաջ այդ սահմանը բացուի:

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է
«
Բազէ-2014» Համահայկական Երիտասարդական
Հաւաքի Փակման Արարողութեան

7767_b24 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է Ծաղկաձորի մէջ  Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի կազմակերպած «Բազէ-2014» համահայկական երիտասարդական հաւաքի փակման  արարողութեան: Հաւաքին մասնակցած էր աւելի քան 500 երիտասարդ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն: Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ շատ ուրախ է հանդիպելու բազէականներուն հետ  եւ շնորհաւորած է զանոնք Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրուան  կապակցութեամբ: «24 տարի առաջ այս նոյն օրը ընդունուեցաւ  Անկախութեան հռչակագիրը, եւ ատիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն էր մեր ժողովուրդին համար: Հայաստանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը ինքզինք կը հարցադրէր` ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագան, ինչպիսի՞ ընթացք պիտի ունենայ մեր անկախ պետութիւնը եւ ի՞նչ նոր  բարդութիւններ եւ դժուարութիւններ պատրաստած է ճակատագիրը հայ ժողովուրդին համար: Բոլորին հետ միասին ես ալ կը մտածէի ապագային  մասին եւ վստահ էի, որ մեր աւագ սերունդը, մեր եւ մեզմէ կրտսեր սերունդը պիտի կարենայ պատուով կատարել իրենց առաքելութիւնը: Ես մտավախութիւն ունէի, թէ ինչպէ՛ս աւելի երիտասարդ` 90-ականներէն  ետք ծնած սերունդը, պիտի կարենայ տնօրինել մեր հայրենիքին  ճակատագիրը: Փառք Աստուծոյ, որ մենք կրցանք այս տարիներուն ընթացքին իրապէս կատարել մեր առաքելութիւնը, եւ ես վստահ եմ, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը մեզմէ շատ աւելի լաւ պիտի կատարէ  այդ առաքելութիւնը: Իմ համոզումս հիմնուած է ոչ թէ  լաւատեսութեան, այլ այն իրողութեան վրայ, որ այսօր մեր երիտասարդները կրնան վստահօրէն պաշտպանել մեր երկրին  սահմանները եւ այդ ընթացքին ցուցաբերել քաջութեան եւ  հայրենասիրութեան բազմաթիւ վառ օրինակներ: Եթէ մեր դպրոցականները համաշխարհային առարկայական ողիմպիականին նուաճած են 19 մետալ, եւ որպէսզի կարենաք պատկերացնել, թէ այդ մէկը ինչ է, ըսեմ, որ մեր դրացի  Վրաստանը նուաճած է 8, Ազրպէյճանը` 4, իսկ 80 միլիոննոց Թուրքիան` 22 մետալ: Ինչպէ՞ս չհպարտանաս այդպիսի դպրոցականներով, եթէ վերջին 4-5 տարիներուն ընթացքին միջին հաշուով 100 հայ երիտասարդ ամէն տարի կ՛ընդունուի աշխարհի լաւագոյն 10 համալսարաններ, ապա ինչպէ՞ս վստահ չըլլաս, որ այդ մարդիկ պիտի կարենան շատ աւելի մեծ գործեր կատարել, քան մենք: Եւ եթէ մեր հրասայլային անձնակազմերը կարողութիւնը ունին մրցելու աշխարհի մեծագոյն բանակներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ըլլալ յաղթողներու շարքին, ուրեմն ամէն ինչ լաւ ընթացքի մէջ է», ընդգծած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ պատասխանած է «Բազէ-2014»-ի երիտասարդ լրագրողներու ջոկատի անդամները հետաքրքրող հարցումներուն: Ճամբարական լրագրողները Հանրապետութեան նախագահին հարցումներ ուղղած են Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, երկրի պաշտպանութեան, տնտեսութեան մարտահրաւէրներուն եւ ընկերային հարցերու վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

«Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքին Հարցով. Սահմանադրական Դատարանին Դիմում Պիտի Պատրաստուի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.