ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի պատասխանած է 168.am կայքի` «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հարցումին:
Ըստ Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի, նոր չէ, որ կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ամէն ձեւով քաղաքացիները այս համակարգին մէջ տեսնէ, եւ յառաջացած բոլոր խնդիրները կառավարութեան կողմէ կը մեկնաբանուին, որ «այո՛, անհատը պարտաւոր է վճարում ընել», եւ քաղաքացին այս պարագային այլ ելք չունի:
Արծուիկ Մինասեան տեղեկացուցած է, որ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին վաւերացուած «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ դիմում կը նախապատրաստուի Սահմանադրական դատարան ներկայացնելու եւ վիճելի դրոյթները հակասահմանադրական ճանչնալու համար: Թէ ե՛րբ պատրաստ կ՛ըլլայ փաստաթուղթը, պատգամաւորը նշած է, որ դիմումը պէտք է քառեակին մէջ եւս քննարկուի եւ համաձայնեցուի: «Հաւանաբար, սեպտեմբերի մէջ կը ներկայացուի սահմանադրական դատարան», ըսաւ ան:


