ԱՓԱ-ի թղթակից Անխանում Հիտայաթովա կը յայտնէ, որ շաբաթ օր Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Վրաստանի մէջ բրիտանիոյ դեսպաններու եւ Թուրքիոյ մէջ Բրիտանիոյ գլխաւոր հիւպատոսի հանդիպումը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ դիւանագէտները այցելած են քաղաքի հին թաղամաս` Իչերի Շեհեր եւ «Պաքու» հանրապարտէզ: Անոնք շրջած են եւ ծանօթացած Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մշակութային եւ պատմական յուշարձաններուն:


