
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ անդրադարձած է գերիներու «փոխանակման» մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան, գրելով. «Մենք Պաքուի շուկային մէջ չենք»:
«Տակաւին Պաքուի շուկային մէջ չենք գտնուիր եւ առեւտուրով չենք զբաղիր: Մենք խստօրէն կը պահպանենք մարդասիրական սկզբունքները եւ նախապայմաններ չենք ներկայացներ եւ ընդունիր: Ուղղակի յարգելով Կարմիր խաչի կազմակերպութեան ջանքերը այդ ուղղութեամբ, պարբերաբար կը դիմենք վերջինիս աջակցութեան, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու վերադարձը կազմակերպելու համար: Ազրպէյճանի տուեալ պաշտօնատարի յայտարարութիւնը գռեհիկ ապատեղեկատուութիւն է», յայտարարած է Արծրուն Յովհաննիսեան:
Յայտնենք, որ ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի փոխվարչապետ, գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցերով պետական յանձնախումբի նախագահ Ալի Հասանով յայտնած է, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկած է փոխանակել 5 հոգինոց հայ ընտանիքը եւ Տաւուշի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի դիակը Հայաստանի մէջ գտնուող հետախոյզներ Շահպազ Կուլիեւի եւ Տիլհամ Ասքերովի, ինչպէս նաեւ սպաննուած Հասան Հասանովի դիակին հետ:
Ազրպէյճանցի պաշտօնատարը նշած է, որ հանդիպում ունեցած է Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ազրպէյճանական ներկայացուցչութեան աշխատակիցներուն հետ, որոնք փոխանցած են իրեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանը:
Լրատու միջոցը գրած է, որ իբրեւ թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ պատրաստ է փոխանակելու 5 հոգինոց ընտանիքն ու Պետրոսեանի դիակը, միայն Հասան Հասանովի դիակի հետ:


