
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի զինուորները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն երկու ժամ ետք, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը վարչապետարանէն յայտարարեց, որ այսուհետեւ խորհուրդը պիտի չհետապնդէ անհետ կորսուած զինուորները ազատ արձակելու թղթածրարը:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ այդ բանակցութիւնները իր կարողութիւններէն վեր են, եւ այս հանգրուանին պիտի կասեցնէ իր բանակցութիւնները` այլ կողմերու բանակցութեան հոլովոյթին նպաստելու առիթ տալու նպատակով:
Վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան յանձնառու է զինուորներուն ազատ արձակումին, առանց սակարկութիւններու մաս կազմելու:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ պիտի ստանձնէ զինուորներուն ազատ արձակումին վերաբերող բանակցութիւններուն պատասխանատուութիւնը:


