ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուած մարդասիրական բեռով առաջին տասը բեռնակառքերը մուտք գործած են Ուքրանիա: Կը հաղորդուի, որ Միջազգային կարմիր խաչի աշխատակիցները չեն ուղեկցիր բեռնակառքերուն: Ուքրանական իշխանութիւններէն աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս»-ին հաստատած է տեղեկութիւնը:
Նախքան այդ, ռուսական իշխանութիւնները յայտարարած էին առանց Քիեւի համաձայնութեան արեւելեան Ուքրանիա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու իրենց մտադրութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան երէկ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Ռուսական կողմը որոշած է գործել, որովհետեւ այլեւս կարելի չէ տանիլ անիշխանութիւնը, բացայայտ սուտն ու համաձայնութիւն կայացնելու անկարողութիւնը, որոնք յղի են մարդասիրական աղէտի վտանգով»: «Ռուսական կողմը որոշած է գործել: Մարդասիրական բեռով մեր կարաւանը պիտի սկսի ընթացքը Լուկանսքի ուղղութեամբ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Մոսկուան համաձայն է Միջազգային կարմիր խաչի աշխատակիցներուն ուղեկցութեան եւ օգնութիւնը բաժնելու ընթացքին անոնց մասնակցութեան: Միաժամանակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ` «զուտ մարդասիրական առաքելութիւնը տապալել» չփորձել:
«Եունիըն» կայքը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը Ուքրանիոյ տարածքով ռուսական մարդասիրական օգնութեան կարաւանի յառաջխաղացքը «անմիջական ներխուժում» որակած է:
Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը նշած է, որ կարաւանին կ՛ուղեկցին «զինեալ անջատողականներ»:


