Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան աղբիւրները հաստատած են, որ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Տիալի նահանգի Ժալուլա քաղաքին վերատիրանալու համար իրանցի աւելի քան 100 զինուորներ աջակցած են փեշմերկաներուն` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի:
Իրանցի զինուորներու ծանր զէնքերով զինուած փեշմերկաները` իրաքեան օդուժին օժանդակութեամբ յարձակում շղթայազերծած են ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն դէմ:
Յարձակումին պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր, ինչ որ զանոնք մղած է նահանջելու դէպի Ժալուլայի մօտ գտնուող Հիւսէյնիէ գիւղը:


