
«Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, խորհրդարանի նախագահ Վալերի Պկանպա նամակով դիմած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին` խնդրելով քննարկել Աբխազիոյ անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը ճանչնալու հարցը:
«Աբխազիոյ ժողովուրդը Ալեքսանտր Լուքաշենքոն կը ճանչնայ իբրեւ Աբխազիոյ բարեկամ հանրապետութեան` Պիելոռուսիոյ իմաստուն եւ պատասխանատու քաղաքական գործիչ», կը նշուի նամակին մէջ:
«Աբխազիոյ ժողովուրդին անունով նաեւ անկեղծ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ պետութեան կայացման տարբեր փուլերուն մէջ Պիելոռուսիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
«Ժամանակակից Աբխազիոյ Հանրապետութիւնը, իր սահմանադրութեան համաձայն գերիշխան պետութիւն է, որ փաստացի անկախութեան հասած է:
«Պարո՛ն նախագահ, կը խնդրենք ձեզմէ քննարկել Աբխազիոյ անկախութեան եւ գերիշխանութեան ճանաչման հարցը», նամակին մէջ գրած է Պկանպա:


