Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Իրաք Կատարած Պատմական Այցելութեամբ. Արեւելքի Պատրիարքներու Պատուիրակութիւնը Ահազանգ Կը Հնչեցնէ Շրջանի Փոքրամասնութեանց Եւ Քրիստոնեաներու Պարզած Իրավիճակին Գծով

August 21, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

BKM_5677+(FILEminimizer)«Մի՛ մտածէք արտագաղթի մասին եւ կառչած մնացէք ձեր երկհազարամեայ արմատներուն», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` Իրաքի քրիստոնեաներուն ուղղելով իր խօսքը: Կաթողիկէ եւ ուղղափառ պատրիարքներու պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, Իրաքի յատկապէս Պաղտատ եւ Էրպիլ քաղաքներուն մէջ տեղակայուած քրիստոնեաներու իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու համար կատարած իր այցելութեան աւարտին մամլոյ ասուլիս մը տալով, Ռայի պատրիարքը նշեց, որ պատուիրակութիւնը կը միտի իր այս այցելութեամբ զօրակցութիւն ցոյց տալ եւ միջազգային ընտանիքին, յատկապէս ՄԱԿ-ի, Արաբական լիկայի եւ այլ մարմիններու ուշադրութիւնը այս հարցին վրայ կեդրոնացնել:

Պաղտատի, թէ Էրպիլի մէջ իրաքցի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ իրենց տեսակցութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը շեշտեցին շրջանային թէ միջազգային կողմերու միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը այս գծով:

«Միջազգային ընտանիքը պարտաւոր է հոգ տանելու Իրաքի քրիստոնեաներուն», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը` նշելով, որ այս պատուիրակութեան այցելութիւնը ունի հիմնական երեք նպատակներ, որոնք հետեւեալներն են.

– Զօրակցութիւն յայտնել իրենց բնօրրանէն բռնագաղթուած քրիստոնեաներուն:

– Այս մասին հանդիպում ունենալ Վատիկանի մօտ պատկան պատասխանատուներուն հետ:

– Միջազգային ընտանիքէն պահանջել տէր կանգնիլ իր պատասխանատուութեանց:

«Արդարեւ, թոյլատրելի չէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը իշխէ ու տէր դառնայ ժողովուրդներու ինչքերուն», շեշտեց Ռայի պատրիարքը եւ ըսաւ. «Մենք մէկ եկեղեցի ենք ու պիտի շարունակենք մեր ճիգերը բոլոր մակարդակներուն վրայ»:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ իրենց տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատուիրակութեան անդամ հոգեւոր պետերը շեշտեցին քրիստոնեայ գաղթականներուն օժանդակութեան հասնելու հրամայականը:

Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն կաթողիկէներու Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ ծոմապահութիւն եւ աղօթք պիտի ընենք, ամբողջ մէկ ամիս, մեր երկրին ապահովութեան ու անդորրութեան համար»:

Իրաքի եւ աշխարհի քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ պատրիարքը ըսաւ. «Զօրակցական այս այցելութիւնը մեզի զգացնել տուաւ, թէ մենք մէկ մարմին ենք ու միայնակ չենք»: «Մեզ` քրիստոնեաները եւ եզիտիները հարուածող ճգնաժամի այս պահուն զուգադիպող այս զօրակցական այցելութիւնը կը բարձրացնէ մեր կորովը», աւելցուց պատրիարք Սաքօ` անհրաժեշտ նկատելով շրջանցել համայնքային առանձնայատկութիւնները:

BKM_6093-(FILEminimizer)Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի կաթողիկէներու Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքը ըսաւ. «Կարելի չէ լուռ մնալ քրիստոնեաներու եւ եզիտիներու բնաջնջման եւ այլ բռնարարքներուն գծով: Անհրաժեշտ է մեր ձայնը հասցնել համայն աշխարհին»:

Իր կարգին, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ պատրիարքը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին, այցելելու Իրաք ու մօտէն տեսնելու քրիստոնեայ գաղթականներուն վիճակը: Ան նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապէն խնդրեց աւելի մեծ դեր կատարելու այս ուղղութեամբ:

Նշենք, որ պատրիարքներու այս պատուիրակութիւնը անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Իրաքի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս` քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարազանի, որ խոստացաւ ճիգ չխնայել քրիստոնեայ գաղթականներու պաշտպանութեան համար:

  • Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պէյրութի օդակայանէն իր մեկնումի պահուն պատրաստակամութիւն յայտնած էր տեսակցելու Հըզպալլայի ղեկավար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Նախորդը

Հակառակ Յոռետեսութիւն Առթող Կեցուածքներու. Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին` Կացութեան Բարելաւման Գծով

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.