
Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի աղբիւրներ երէկ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իրենց յայտարարութեամբ յայտնեցին, որ Արսալի մէջ լիբանանցի զինուորականները առեւանգած զինեալները տրամադիր են ազատ արձակելու բոլոր զինուորականները, եթէ Հըզպալլա Սուրիայէն տուն կանչէ իր տարրերը:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթը կը յայտնէ, որ քաթարցիք իրենց կարգին ձեռնարկած են միջամտութեան` անջատ խորհրդակցութիւններ ունենալով առեւանգող կողմերու ղեկավարներուն հետ: Ըստ նոյն աղբիւրին, Ազեզի եւ Մաալուլայի «առիթներէն» ետք, Ռումիէի եւ յատկապէս Ռիհանիէի բանտին մէջ արգելափակուած իսլամական բանտարկեալներ կազմ ու պատրաստ կը սպասեն իրենց ազատ արձակման «աւետիս»-ին: Արդարեւ, առեւանգող Ժապհաթ Նուսրա թէ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումներուն պատկան կողմերը պահանջած են նշեալ բանտարկեալներու ազատ արձակումը փոխանակել առեւանգեալ զինուորականներու ազատ արձակումով: Միաժամանակ քաթարցիք առեւանգող կողմերուն խոստացած են թեթեւցնել սուրիացի գաղթականներուն ճնշիչ պայմանները, յատկապէս Արսալի մէջ, ուրկէ հարիւր հազար սուրիացի գաղթականներ դէպի Թուրքիա պիտի փոխանցուին: Բանակցող կողմերու մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի մօտ առեւանգուած լիբանանցի զինուորականներուն վիճակը աւելի «տանելի» է, քան ՏԱՀԵՇ-ի մօտ եղողները, որոնք շատ աւելի դժուար կացութեան մէջ են եւ զինեալներու հրահանգով հողային թումբեր կը զետեղեն իրենց գտնուած վայրին մօտակայ գետի եզերքին եւ թէ անոնց կողքին կայ նահատակ զինուորի մը մարմինը:
Այս տեղեկութեանց ու յաւելեալ մանրամասնութեանց քաջածանօթ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ձեռնարկած է մագոգային այցելութեանց` բանակցելու եւ բարւոք լուծման յանգելու համար լիբանանցի զինուորականներուն հարցին գծով:


