Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանանի ներքին թէ արտաքին նիւթական պարտաւորութիւններու ելեւմտական թղթածրարը եւ անոր առնչուող յանձնառութիւնները, որոնք խորհրդարանական օրինագիծերու կը կարօտին: «Այս ընթացքով Լիբանանի դրամական վարկը կրնայ վտանգուիլ, ինչ որ աւելի վտանգաւոր է, քան քաղաքական տագնապը», զգուշացուց Քանաան:


