Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճոն Հեֆըրն. «Ղարաբաղեան Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի»

August 21, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Հեֆըրն
Ճոն Հեֆըրն

«Այս տագնապը զինուորական լուծում չունի: Կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն սկսելու լուրջ բանակցութիւններու», յայտարարեց  Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն  երէկ իր հրապարակած տեսագրուած խօսքին մէջ` նուիրուած ղարաբաղեան խնդիրին:

«Կրկին կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնը վերջին միջադէպերուն ընթացքին զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն»,  այսպէս կը սկսի դեսպանը իր հայերէն ուղերձը:

Յիշեցնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որ ղարաբաղեան տագնապը «այլեւս սառեցուած չէ», Հեֆըրն կը շարունակէ. «Ե՛ւ այստեղ, ե՛ւ Պաքուի մէջ մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլերու լարուածութեան նուազեցման եւ զինադադարը յարգելու համար: Սպառնալիքները եւ  կարծր հռետորաբանութիւնը գործին չեն օգներ: Հաշուեյարդարը եւ հետագայ բռնութիւնները աւելի կը դժուարացնեն խաղաղ լուծում գտնելու ճամբան»:

«Զոհերու յիշատակը յարգելու լաւագոյն միջոցն է դադրեցնել բախումները ճիշդ  հիմա», կը  շեշտէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Միւս կողմէ, դեսպան Ճոն Հեֆըրն երէկ տեսակցեցաւ Հայաստանի եզիտի համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելու համար Իրաքի եզիտիներու ներկայ կացութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները այնտեղ: Դեսպան Հեֆըրն շեշտեց  Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան շարունակական մարդասիրական ջանքերը` մեղմացնելու Իրաքի եզիտիներու ծանր կացութիւնը եւ անոնց բարօրութիւնը ապահովելու յանձնառութիւնը:

 

Նախորդը

Թուրքերը Տօնած Են Անիի Գրաւումը

Յաջորդը

Քոնկրեսական Քլարք Կը Սատարէ Արցախի Ժողովուրդին Եւ Կը Դատապարտէ Հայ Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.