Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆըրաթ» Մուսուլի Ողբերգութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Կը Նմանցնէ

August 20, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0820_mosulՔրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ մինչեւ 2003 թուական շուրջ 200 հազար քրիստոնեայ կը բնակէր իրաքեան Մուսուլի մէջ, ուր այժմ մինչեւ իսկ մէկ քրիստոնեայ չէ մնացած: Իրաքի եւ Շամի Իսլամական պետութիւն` «Տահէշ» խմբաւորման յարձակումէն եւ մահուան սպառնալիքէն փախած հայերը ապաստան գտած են Իրաքի քրտական մասին մէջ:

Քրիստոնեայ աշխարհի վերլուծաբանները Մուսուլի ողբեգրութիւնը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան կը նմանցնեն:

Իսլամական պետութիւն խմբաւորումը յունիսին գրաւած է Մուսուլն ու այնտեղ ազգային փոքրամասնութիւնները գաղթի կ՛ենթարկէ: Հազարաւոր տարիներ Մուսուլի եւ անոր շրջակայքը բնակած ասորի, հայ, եզիտի փոքրամասնութիւնները սպառնալիքի տակ լքած են իրենց տուները:

Նախանցեալ շաբաթ իսլամական ծայրայեղականները հրկիզած են տարածաշրջանի ամէնէ հին եկեղեցիներէն մէկը համարուող կաթողիկէ ասորիներու 1800-ամեայ եկեղեցին, իսկ քաղաքին մէջ բնակող քրիստոնեաներուն եւ կրօնական այլ խումբերու ներկայացուցիչներուն սպառնացած են սպաննել:

Թուրքիան, Քաթարը Եւ Սէուտական Արաբիան
Լուռ Են

Աշխարհի կաթողիկէներու հոգեւոր ղեկավար Ֆրանչիսկոս պապը աղօթած էր Իրաքի քրիստոնեաներուն, իսլամականներու յարձակումներու պատճառով մահացածներուն եւ սպառնալիքի տակ ապրողներուն համար:

Ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Քաթարը եւ ո՛չ Սէուտական Արաբիան որեւէ կերպ չեն արձագանգած, ինչ որ քրիստոնէական շրջանակներու քննադատութեան արժանացած է, որովհետեւ վերջին օրերուն ընթացքին Մուսուլէն իրական բռնագաղթ տեղի ունեցաւ:

Պաղտատի մէջ ասորիներու հոգեւոր առաջնորդը յայտարարած է, որ այս շրջաններուն մէջ մինչեւ իսկ մէկ քրիստոնեայ չէ մնացած, իսկ իսլամական զինեալները «քրիստոնեաներու որսի» դուրս եկած են: Քրիստոնեաներու փախուստէն քանի մը օր առաջ անոնց տուներուն վրայ նշաններ դրուած են, եւ ասորի առաջնորդը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին ու յատկապէս իսլամական աշխարհին` արձագանգելու տեղի ունեցածին:

1915-ի Ցեղասպանութիւնը Կը Կրկնուի

Աշխարհի վրայ ճնշումներու ենթարկուած քրիստոնեայ ժողովուրդներու հարցերով ուսումնասիրութիւններ կատարած «Միջազգային հանրութիւնը` յանուն մարդու իրաւունքներու» կազմակերպութեան բանբերը այժմ Մուսուլի մէջ կատարուող դէպքերը նմանցուցած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան:

Ան նշած է, որ քրիստոնեաները 100 տարի է այսպիսի ողբերգութեան ականատէս չէին եղած եւ երախտագիտութիւն յայտնած է գաղթականները պաշտպանութեան տակ առած քիւրտերուն եւ Յորդանանին:

Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ Սատտամ Հուսէյնի պաշտօնավարման տարիներուն քրիստոնեաները աւելի ապահով էին: Ան ընդգծած է, որ եթէ քրտական հատուածներուն մէջ քրիստոնեաներու համար վրանային ճամբարներ չկառուցուէին, ողբերգութիւնը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար:

Պաղտատէն ընտրուած քրիստոնեայ խորհրդարանական Ճոնատամ Քաննան իսլամական ահաբեկիչներու յարձակումները «ցեղային զտում» կ’որակէ, իսկ քրիստոնեայ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնները կը մտահոգուին, որ յարձակումներ կրնան կատարուիլ շրջանին մէջ ամէնէն մեծաթիւ քրիստոնեաները ունեցող երկրի` Լիբանանի դէմ:

1.5 Միլիոնէն 300 Հազարը Մնացած Են

2003-ին, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրաքի մէջ սկսած պատերազմէն առաջ երկրին մէջ 1.5 միլիոն քրիստոնեայ կ՛ապրէր: Անոնց 200 հազարը կը բնակէր Մուսուլի մէջ: Այժմ կ՛ենթադրուի, որ Իրաքի մէջ 300 հազար քրիստոնեայ մնացած է: Ատոնց մեծ մասը այժմ քիւրտերու վերահսկողութեան տակ մնացած շրջաններուն մէջ են:

 

Նախորդը

Իրաքի Մէջ Նոր Ցեղասպանութեան Մը Առաջքը Առնելու Կոչ

Յաջորդը

«Արի Տուն-2014» Վերադարձ Ինքնութեանը, Տիգրանակերտցիները Հայաստանով Են Ապրում……

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.