Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ծրագրած է օգոստոս-սեպտեմբեր ամիսներուն հանդիպիլ Վրաստանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներուն հետ` այդ երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները աւելի սերտացնելու նպատակով:
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, վարչապետը այս մասին յայտնած է 18 օգոստոսին լրագրողներու եւ «Բազէ» տարեկան բանակումին մասնակցած երիտասարդներու հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Ըստ Յովիկ Աբրահամեանի, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումին նախնական պայմանաւորուածութիւն ստացած է, որ Ռուսիոյ վարչապետը 8-9 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան:
Նշենք, որ 21-22 օգոստոսին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի գտնուի Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին, որուն հետ Յովիկ Աբրահամեան պիտի քննարկէ նաեւ ջաւախահայութեան վերաբերող հարցեր: Իսկ 15-17 սեպտեմբերին կ՛ակնկալուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի այցելութիւնը Իրան:
«Անոնք տնտեսական առումով մեզի համար շատ կարեւոր երկիրներ են, բազմաթիւ ծրագիրներ կան Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Իրանի հետ կապուած: Նաեւ պէտք է անձնական ջերմ յարաբերութիւններ ստեղծել` պետական որոշ խնդիրներ աւելի դիւրութեամբ լուծելու համար», ըսած է Յովիկ Աբրահամեան:


