ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ երէկ հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ տղամարդ մը որսորդական հրացանով կրակ բացած է Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքին վրայ: «Մոսքովսքիյէ քոմսոմոլեց» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքին վրայ կրակողը հայ ներգաղթեալ մըն է` 43-ամեայ Արթուր Միրզոյեանը, որուն թիրախը եղած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան զինանշանը:
«Մոսքովսքիյէ քոմսոմոլեց» կը նշէ, որ գիշերը «Լաւ անտառ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Արթուր Միրզոյեանի արձակած երկու կրակոցները դպած են թիրախին, սակայն ան չէ կրցած պահուըտիլ: Կրակոցներու ձայներուն արձագանգած է ոստիկանութիւնն ու տեսախցիկներով յայտնաբերած անոր գտնուած վայրը եւ զինք ձերբակալած:
Աղբիւրը կը գրէ, որ արարքին դրդապատճառները չեն հաղորդուիր, սակայն ոստիկանները կը նշեն, որ կան բոլոր հիմքերը` ենթադրելու, որ պատճառը հայերու եւ թուրքերու դարաւոր թշնամանքն է, որ յատկապէս սրած է վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տագնապի սրման պատճառով:


