
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումներն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ եւ Ժոմպլաթի զաւակը` Թէյմուր Ժոմպլաթ:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ լուծումը ոչ ոքի մօտ կը գտնուի:
Ան նշեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած իր այցելութենէն ետք որոշած է Պնաշհի այցելել` վերանորոգելու համար Ֆրենժիէի հետ իր յարաբերութիւնները, հակառակ անոր որ իրենք որոշ հարցերու շուրջ տարբեր տեսակէտներ ունին:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Ֆրենժիէ ընտանիքին հետ իր յարաբերութիւնները պատմական են, հակառակ վերջին հանգրուանին զիրենք բաժնած կարգ մը դէպքերուն:
Ան հաստատեց, որ ինք կը յիշէ Սլէյման Ֆրենժիէ մեծ հայրը եւ անոր հետ իր մտերմութիւնն ու լաւ օրերը:
«Սակայն ինչ ալ ըլլան մեր միջեւ քաղաքական տարբեր կարծիքներն ու տեսակէտները, տակաւին կան միացեալ կեցուածքներ` Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան պահպանումին առումով», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ֆրենժիէ հաստատեց, որ հանդիպումը մտերմիկ էր, ճիշդ է, որ կարգ մը հարցերու շուրջ իրենք նոյն տեսակէտները չեն բաժներ, սակայն կան բաներ, որոնց շուրջ կը համաձայնին, կը հաւատան երկխօսութեան եւ նոյն մտահոգութիւնները կը բաժնեն Լիբանանի մասին:
«Ժոմպլաթի առած բոլոր քայլերը կը բխին Լիբանանի նկատմամբ անոր մտահոգութենէն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իբրեւ փոքրամասնութիւն մեր գոյութեան նկատմամբ անոր ունեցած մտահոգութենէն, զոր մենք եւս կը բաժնենք», ըսաւ Ֆրենժիէ:
Ան հաստատեց, որ իրենք լուծում մը չունին, սակայն անհրաժեշտ կը նկատեն երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները մնայուն կերպով շարունակելը:
«Չեմ կրնար ըսել, եթէ լաւատես ենք կամ ոչ, սակայն կը հաստատեմ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան նախանձախնդիր ենք», աւելցուց ան:
Ժոմպլաթ դարձաւ Ֆրենժիէի ճաշի հիւրը:


