16 օգոստոսին Ռուսիոյ «Ալապինօ» ուսումնական զինուորական վարժարանին մէջ տեղի ունեցած է «Հրասայլային պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումին եզրափակիչ հանգրուանը, որուն ընթացքին մրցած են նախորդ օրերուն արդիւնքներով 1-4-րդ տեղերը գրաւած երկիրներու` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Ղազախստանի եւ Հայաստանի զինուորական ուժերու հրասայլային անձնակազմերը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` եզրափակիչ հանգրուանի արդիւնքներով հայ հրասայլորդները, արձանագրելով բարձր ցուցանիշներ, գրաւած են երկրորդ տեղը` զիջելով Ռուսիոյ հրասայլորդներու անձնակազմին: Երրորդ եւ չորրորդ տեղերը գրաւած են Չինաստանի եւ Ղազախստանի հրասայլային անձնակազմերը:
«Հրասայլային պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումներուն մասնակցած են 12 պետութիւններու հրասայլային 36 անձնակազմեր:
Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է հայ հրասայլորդները` «հրասայլային պիաթլոն»-ի աշխարհի ախոյեանութեան արդիւնքով երկրորդ դիրքը գրաւելու առիթով: «Հրասայլային պիաթլոնի ախոյեանութեան հայկական անձնակազմի սիրելի տղաք, կը շնորհաւորեմ ձեզ: Մենք բոլորս կը հպարտանանք միջազգային մակարդակի վրայ ձեր արձանագրած բարձր արդիւնքներով, որ հայ զինուորներու կողմէ զինուորական արհեստագիտութեան տիրապետման եւ առաջադրանքները փայլուն կատարելու վկայութիւն է», նշուած է նախագահ Սարգսեանի ուղերձին մէջ:


